Կիրակի, 9 Յունիսին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի ընտրութիւնները: 16 հոգի հաշուող խորհուրդի 8 թափուր տեղերուն համար տեղի ունեցած ընտրապայքարին ամբողջութեամբ յաղթեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, ՀՅԴի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան, «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցի բժիշկներու համախմբումի, Հըզպալլայի, Երկխօսութեան կուսակցութեան եւ Պեքաայի բժիշկներու համախմբումի զօրակցութիւնը վայելող ցանկը:
Սոյն ցանկին մաս կը կազմէր եւ Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան թեկնածու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը վայելող ընկեր տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:
Մրցակից գլխաւոր ցանկը կը վայելէր Մուսթաքպալ հոսանքի, Ամալ շարժումի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժիշկներու համախմբումին զօրակցութիւնը:
Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի նախագահի այլ թեկնածուներու չգոյութեան պայմաններուն մէջ, տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆ ընտրուեցաւ խորհուրդի նախագահ: