ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 11 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, վերապատուելի Վաչէ Էքմէքճեան «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ Այնթապի հերոսամարտին մասնակցողներէն եւ Հայոց Ցեղասպաութենէն փրկուած սերունդի անդամներէն՝ վաստակաշատ դաստիարակ եւ մշակոյթի գործիչ Սարգիս Պալապանեանի (Պալապան խոճա) յուշագրութեան անգլերէնի թարգմանուած հատորը՝ «The Stormy and Calm Days of My Life»ը։
Մօտաւորապէս 35 տարի առաջ հայերէնով լոյս տեսած այս հատորը անգլերէնի թարգմանած է վեր. Վաչէ Էքմէքճեան։
Մուտքը ազատ է, իսկ «Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։