Շաբաթ, 27 Ապրիլին, Ֆիլատելֆիոյ Համազգայինի կազմակերպութեամբ, տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական արուեստ եւ Ճազ փառատօն»ը (Armenian Art and Jazz Fest), որուն մասնակցեցան առաւել քան երեք հարիւր ներկաներ:
Երեսուն հայ արուեստագէտներու գործեր ցուցադրուեցան, որոնց կարգին գեղանկարչութիւններ, լուսանկարներ, քանդակներ որոնք կը պատկանին հանրածանօթ դէմքերու: Այսպէս ցուցադրուեցան գործեր Արէգ Էլիպէքեանէն, Վաղարշակէն, Գէորգ Շատոյեանէն, Արմէն Եփոյեանէն եւ այլ արուեստագէտներէ: Իսկ, միեւնոյն ժամանակ Լիւսի Եղիազարեան եւ իր նուագախումբը ելոյթ ունենալով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:
Այս փառատօնով կարելի եղաւ հաւաքել 25 հազար տոլար, որ պիտի յատկացուի մասնաճիւղին կողմէ հովանաւորուած հիմնադրամի մը: Այս հիմնադրամին նպատակը պիտի ըլլայ քաջալերել հայ երիտասարդ արուեստագէտները:
Ներկաները առիթը ունեցան հանդիպելու նորաձեւութեան աշխարհի հանրածանօթ տիպարներէն Փաթրիշա Ֆիլտի հետ: