ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ուղեւորութիւններու նոր ծաւալներու յաւելման եւ ուղեւորութիւններու ծառայութիւններու որակի կատարելագործման նպատակով, «Հարաւկովկասեան Երկաթուղի» ընկերութիւնը 6 Մայիսէն սկսեալ կ՛աւելցնէ Երեւան-Գիւմրի-Երեւան արագընթաց մերձքաղաքային ելեկտրագնացքի լրացուցիչ երթեւեկութիւններու թիւը:
6 Մայիսէն սկսեալ, գնացքը Երեւանէն Գիւմրի պիտի մեկնի եւ վերադառնայ նաեւ ամէն Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը: Արագընթաց գնացքի Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու գնացքներու ժամանակցոյցները կը մնան անփոփոխ: