Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան 3 Մայիսին, մանրամասնութիւններ փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, մէկ օր առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկուած հարցերուն մասին: Ըստ Էրտողանի՝ Թրամփի հետ քննուած գլխաւոր հարցը եղած է Թուրքիոյ մատակարարուելիք ռուսական «Էս. 400» հրթիռային համակարգերու հարցը, ինչպէս նաեւ այդ հարցին շուրջ համատեղ յանձնաժողով մը ստեղծելու Անգարայի առաջարկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.