ԱՍԹԸՆ, Թեքսաս.- 5 Ապրիլին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչները Թեքաքսի մայրաքաղաք Ասթընի մէջ իրականացուցին Հայ Դատի ջատագովման նպատակով հանդիպումներ, նահանգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն ներկայացնելով գլխաւորաբար Հիւսթընի եւ Տալասի մէջ կեդրոնացած նահանգին հայութիւնը յուզող հարցերը, որոնց մէջ գլխաւոր տեղը կը գրաւէր Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։
«Այս տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ երրորդը հանդիսացող Հայ Դատի ջատագովման նախաձեռնութիւնը նուիրուած էր Միաստղանի նահանգին (Թեքսաս) մէջ Արցախի ժողովուրդին պայքարը լուսարձակի տակ առնելու ջանքերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, շնորհակալութիւն յայտնելով այս նախաձեռնութեան մասնակցած Հայ Դատի գործիչներուն, նահանգէն կամ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, յատկապէս դրուատելով Պաքուի ջարդերէն վերապրած քաղաքական գործիչ Աննա Աստուածատուրեան Թըրքաթի (Մէյնէն) բերած մասնակցութիւնը։
Արդարեւ, ամբողջ օրուան ընթացքին, Հայ Դատի գործիչները, որոնց շարքին էին՝ Թըրքաթ, նահանգէն Ալպըրթ Դաւիթեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Սերոբ Աբրահամեան մօտաւորապէս 15 պետական պաշտօնատարներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ քննեցին հայութիւնը յուզող հարցեր, կեդրոնանալով յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման ջանքերուն վրայ։
Յիշեցնենք, որ 2017ին Թեքսաս հանդիսացած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 46րդ նահանգը։