ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի 23րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 23 Մարտ 2019ին, Համազգայինի Կլենտէյլի նստավայրին մէջ:
Ժողովին կը մասնակցէին մասնաճիւղերէն եւ միաւորներէն 25 լիազօր ներկայացուցիչներ, խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ, նախկին Շրջանային վարչութեանց ատենապետներ, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ Մանուկ Չուխաճեան եւ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Շրջանային վարչութեան կազմը եւ յանձնախումբերու անդամներ՝ շուրջ 65 ներկաներ։
Ժողովը հանգամանօրէն քննեց ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրները եւ յոյժ գնահատելի գտաւ Շրջանային վարչութեան 2017-2019 երկամեայ շրջանի գործունէութիւնը: Կատարուեցան թելադրութիւններ եւ առաջարկներ Շրջանային վարչութեան յառաջիկայ գործունէութեան համար։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն, որ իր գումարած առաջին ժողովին՝ 27 Մարտին, ներկայութեամբ Շրջանային ժողովի դիւանին եւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ անդամներուն՝ կազմեց իր դիւանը եւ բաշխեց պարտականութիւնները հետեւեալ ձեւով.
Քնար Գորթոշեան՝ ատենապետ
Լիւսի Չուխաճեան՝ ատենադպիր
Վարդուկ Կարապետեան՝ գանձապահ
Արփի Համբարեան՝ խորհրդական
Վիլմա Գույումճեան՝ խորհրդական
Վանիա Պապիկեան՝ խորհրդական
Գարմէն Լիպարիտեան՝ խորհրդական
Միշէլ Սաֆարեան՝ խորհրդական
Սեդա Գրիգորեան՝ խորհրդական
Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերները շնորհաւորեցին նորընտիր դիւանը եւ կազմը ու յաջողութիւն մաղթեցին անոնց յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պրաւօօօօօօ համազգային. ամմէն վարչականները փափուկ սերէն եկած են. կերեւի թէ թաւշեայ յեղափոխութիւնը համազգայինին մէջ ուրիշ ձեւով կաշխատի. կամ ալ մարդիկը ծոյլ են: Կեցցէ ֆէմինիսթները: Օր մը պիտի տեսնենք, որ ժողով մը քիչ մը քննադատէ եւ յուժ գնահատելիէն տարբեր բան մը ըսէ
Ամէն բանի մէջ մասնագիտացում պահանջող այս դարուս՝ անհրաժեշտ է նաեւ գիտնալ թէ այս կազմին մէջ ովքե՞ր անմիջական առընչութիւն ունին Հայ Մշակոյթին հետ…: