ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 3
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինին կազմակերպած Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի ոգեկոչման հաւաքը ծաղկեպսակներու զետեղումով պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց: Իսկ ժամը 10ին, կրօնական արարողութեամբ պիտի նշուի սրբադասուած նահատակներու յիշատակը:
Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ կլոր սեղան-ասուլիս մը «Պահանջատիրութիւն, հատուցում եւ արդարութիւն» խորագիրով:
Կլոր սեղան-ասուլիսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռումանիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Վարուժան Ոսկանեան, Շիքակոյէն միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) դասախօս Ֆրենք Ծերունեան:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքին՝ համախմբուելու ու քաջալերելու զոյգ միջոցառումները, յարգելու համար յիշատակը սրբադասուած նահատակներուն՝ հատուցման եւ արդարութեան պահանջատիրութեամբ:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ