ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան այս տարուան գիտական մրցանքին ներկայացուած աշակերտական ուսումնասիրութեանց արժեւորումն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Մարտին, Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանին մէջ:
Այս տարի եւս, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան ազգային վարժարանի աշակերտները կրցան պատուաբեր արդիւնքներ ապահովել տարբեր բաժանմունքներու մէջ։
Սոյն մրցանքին կը մասնակցին 6էն 12րդ դասարաններու հայ աշակերտներ՝ հայկական, պետական եւ սեփական վարժարաններէ:
Արդարեւ, առաջնութիւն խլեցին՝ Մայքըլ Պաղտասարեան (քիմիագիտութիւն), Կերի Շիրիքճեան (կենսագիտութիւն) եւ Ճէյք Գրիգորեան (բնագիտութիւն), երկրորդ դիրք գրաւեց Շանթ Քութնույեան (քիմիագիտութիւն), իսկ երրորդ հանդիսացան Գեղօն Գասպարեան եւ Վահան Գորտեան (երկուքն ալ քիմիագիտութեան մէջ)։
Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան՝ Ռաֆայէլ Էնֆիաճեան, Ադամ Մուրատեան, Նարէ Ալմասեան, Իզապէլլա Քետիքեան եւ Կրեկըրի Փրուսլեան:
Նաեւ, գիտութեան ուսուցչուհի Լիտա Գէորգեան արժանացաւ «Տարուան ուսուցիչը» մրցանակին:
Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ողջունեց այս պատուաբեր արդիւնքները, շնորհաւորելով մասնակից աշակերտները եւ երախտագիտութիւն յայտնելով աշակերտները այս գիտական մրցանքին համար լաւապէս պատրաստած ուսուցչուհի Լիտա Գէորգեանին։