Երկուշաբթի, 25 Մարտին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու հերթական հանդիպումը: Ժողովականները անդրադարձան Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմի վերջին զարգացումներուն: Ապա ժողովը քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակը համագաղութային տարողութեամբ նշելու նախաձեռնութեանց մանրամասնութիւնները:
Որոշուեցաւ 104ամեակի իբրեւ կեդրոնական ծրագիր՝ կազմակերպել քայլարշաւ մը: Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորները պիտի կազմակերպեն նաեւ միացեալ ծրագիր մը: Ժողովի աւարտին յառաջացաւ ենթայանձնախումբ մը, որ պիտի կատարէ քայլարշաւի ծրագրումը, յստակացնէ մանրամասնութիւնները եւ լիբանանահայութիւնը իրազեկ դարձնէ:
Այս առիթով, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կոչ կ՛ուղղեն համայն լիբանանահայութեան խուռներամ շարքերով մասնակից դառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան 10ամեակի ոգեկոչման բոլոր ձեռնարկներուն:
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ