ՆՈԿԱԼԵՍ, «Էյ.Փի.».- Արիզոնայի Նոկալես քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը՝ պահանջելով դաշնակցային իշխանութիւններէն, որ վերցնեն քաղաքին եւ Մեքսիքայի մէջ գտնուող նոյնանուն քաղաքին միջեւ սահմանային պատին վրայ անճոռնի փշաթելերը, որոնք վերջերս զետեղուած էին։
Մօտաւորապէս 20,000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքին քաղաքապետական խորհուրդը նաեւ խստօրէն քննադատեց այն իրողութիւնը, որ փշաթելերը զետեղուած են առանց տեղական իշխանութեանց հետ խորհրդակցելու, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ անոնք վտանգ կը սպառնան անոր մօտ խաղացող երեխաներուն։
Միւս կողմէ, Նիւ Մեքսիքոյի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւնները ազգային պահակագունդի զինուորներուն մեծ մասէն պահանջեցին Մեքսքայի հետ սահմաններէն հեռանալ՝ շեշտելով, որ սահմանային տագնապի մասին Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեանց յայտարարութիւնները շինծու իրարանցում մը ստեղծելու փորձի մը մաս կը կազմեն։