– Թուրքիա չորրորդ դիրքը գրաւած է ցանկին մէջ այն երկիրներուն, որոնց դէմ 2018ին ամէնէն շատ դիմումները ներկայացուած են Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մօտ։ Եւրոխորհուրդի անդամ 47 երկիրներու դէմ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ներկայացուած են 56,350 դիմումներ, որոնցմէ մօտաւորապէս 7100ը Թուրքիոյ դէմ։ Ցանկին առաջին երեք տեղերը գրաւած են՝ Ռուսիա, Ռումանիա եւ Ուքրանիա։
– 1978էն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեան ողողումներու յատուկ ապահովագրական ծրագիրը մօտաւորապէս 68 միլիառի հատուցումներ կատարած է քաղաքացիներուն։