Թ. Շ.
ՄԱՐՍԻԼԻԱ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի մէջ ընդունուած սովորութիւն է մինչեւ Յունուարի վերջին օրը ամանորի բարեմաղթութիւններ կատարել: Հարաւային Ֆրանսայի CCAF-ն ալ հաւատարիմ մնալով այս աւանդութեան կամ օգտուելով անկէ՝ Հինգշաբթի, Յունուար 24ի իրիկունը կազմակերպեց իր տարեկան մեծ ընթրիքը՝ Փրովանս – Ալպեաններ – Քոթ տ՛Ազիւր (PACA) հարաւային շրջանի ընտրեալներուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին իր բարեմաղթութիւնները յայտնելու համար: Մարսիլիոյ «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին մղիչ ուժը հանդիսացած էր Հարաւային CCAF-ի նախագահուհի Օռոր Պրիւնա:
Երեկոյթին ներկայ էր շուրջ 300 հոգի, որոնց մէջ մեծ էր թիւը պետական բարձրաստիճան դէմքերու եւ այլ անձնաւորութիւններու: Կարելի չէ յիշել բոլորին անունը, բայց նշենք մի քանին. երեսփոխաններ Վալերի Պուայէ, Կի Թեսիէ, շրջանի բազմաթիւ քաղաքապետեր, թաղապետեր, խորհրդականներ, նաեւ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, ՀՀ Մարսիլիոյ աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ, հիւպատոս Ռուբէն Խարազեան, Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:
Երեկոյթի հանդիսավարութեան պաշտօնը ստանձնած էր «Խաչատուր Աբովեան» վարժարանի հոգաբարձութեան նախագահ Կարէն Խուրշուդեան:
Խօսք առաւ Հարաւային CCAF-ի նախագահուհի Օրօր Պրիւնա։ Ան նախագահ Մաքրոնէն պահանջեց, որ վերջ տրուի ԵՄին Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացին եւ Ֆրանսայի պաշտօնական օրացոյցին մէջ Ապրիլ 24ը սահմանուի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր: Ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձնող օրէնքին անհրաժեշտութիւնը, հոսկէ ալ իր խօսքը կապելով Զինադադարի 100ամեակի արարողութիւններուն՝ Էրտողանի եւս հրաւիրուելուն, որ շատ գէշ ընդունելութիւն գտաւ հայ համայնքին մէջ, մինչ Թուրքիա կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Քննադատեց նաեւ Ատրպէյճանի նկատմամբ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Մարսիլիոյ խորհրդական Տիտիէ Բարակեան։ Ան նախ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Մարսիլիոյ հանդիսութիւններու ծանօթ սրահը՝ Le Silo-ն պիտի վերակոչուի Շարլ Ազնաւուրի անունով: Յուզիչ էր պահը, երբ ան ոգեկոչեց յիշատակը երիտասարդ Միքայէլ Ասատուրեանի, որ ճիշդ ու ճիշդ չորս տարի առաջ, դպրոցէն ելքին՝ դաշիւնահարուելով սպաննուեցաւ: Նոյնքան յուզիչ էր ժիւտոյի սիրուած եւ յարգուած վարպետ, վերջերս մահացած Պերնար Չուլլուեանի յիշատակին ուղղուած անոր մեծարանքը:
Դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան անդրադարձաւ ֆրանքեւհայկական դարաւոր բարեկամութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն բոլոր քաղաքներուն, որոնք ընդունելով զետեղել խաչքարեր, յուշակոթողներ եւ վերանուանելով փողոցներ՝ կը մեծարեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Տիկին դեսպանուհին իր խօսքը աւարտեց գոչելով՝ «Կեցցէ՛ Ֆրանսան, կեցցէ՛ Հայաստանը»:
Բարեմաղթութիւններու այս երեկոյթին վերջին խօսք առնողը եղաւ գաւառապետ Փիէր Տառթու: Բարձր գնահատելէ ետք տիկին Տոլմաջեանի ֆրանսերէնի տիրապետումը, յիշեց թէ Մարսիլիան՝ Ցեղասպանութենէ ճողոպրածներու ապաստան հանդիսացած է եւ թէ այդ ողբերգութիւնը արձանագրուած է մարդկային յիշողութեան մէջ:
Ամփոփելու համար ելոյթներու բովանդակութիւնը, կարելի է ըսել թէ անոնց գրեթէ բոլորն ալ կեդրոնացան հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան վրայ, ընդդէմ Անգարայի յարձակողական եւ ժխտողական քաղաքականութեան: