ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի ընդդիմութիւնը Յունուար 31ին դարձեալ բողոքի ցոյց կատարած է՝ պահանջելով իշխանութեան հրաժարականը, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը:
Պաքուէն մօտաորապէս 20 քլմ. հեռու գտնուող Նովխանի աւանին մէջ կայացած հաւաքը նուիրուած էր Ատրպէյճանի Ա. հանրապետութեան հիմնադիր Մամետ Էմին Ռասուլզատէի ծննդեան 135րդ տարեդարձին:
Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդի նախագահ Ճամիլ Հասանլի պնդած է, թէ ի տարբերութիւն Ա. հանրապետութեան, ներկայ վարչակազմը խրած է զեղծարարութեան մէջ, կը թալանէ ազգային հարստութիւնը եւ կ՛ոտնակոխէ իր քաղաքացիներուն իրաւունքները:
Յատկանշական է, որ ցոյցի ընթացքին, ելեքտրականութեան մատակարարումը պարբերաբար ընդհատուած է՝ անծանօթ պատճառներով:
Ատրպէյճանի ընդդիմութիւնը Յունուար 19ին Պաքուի մէջ կազմակերպած էր հսկայ հանրահաւաք մը, որ «Թուրան» լրատու գործակալութեան գնահատումով, ամէնէն բազմամարդն էր վերջին 14 տարիներուն ընթացքին: