Ըստ «Ռիա Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան՝ Ռուսիոյ Մակնիթոկորսք քաղաքի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ կազի պայթում, որուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 38ի: Շէնքին մէջ կ՛ապրէին 120 անձեր: Փլատակներուն յատակէն դուրս բերուեցան դիակները 38 բնակիչներու, որոնցմէ վեցը՝ երեխաներ: Մակնիթոկորսքի մէջ ընդհանուր քննութիւններ սկսան, որպէսզի բնակելի շէնքին կազի սարքաւորումներուն վիճակը ստուգուի:
Սոյն ողբերգութեան առիթով, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ խնդրելով Հայաստանի ժողովուրդին անունով զոհերու հարազատներուն փոխանցել անկեղծ ցաւակցութիւններ, իսկ բոլոր վիրաւորներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում: