ՊԷՅՐՈՒԹ.- Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Հինգշաբթի, 3 Յունուարին յետմիջօրէին այցելեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:
Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով զօրակցութիւն յայտնուեցաւ՝ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կազմակերպած այդ օրուան ընդհանուր գործադուլին:
Հանդիպումէն ետք Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ այս քայլը բաւական ուշ առնուած է՝ աւելցնելով, որ ինք քանի մը առիթներով թէ՛ Ասմարի հետ հանդիպումներուն ընթացքին, թէ՛ կատարած հարցազրոյցներուն եւ յայտարարութիւններուն ընդմէջէն կոչ ուղղած է լիբանանցիներուն շարժելու: Ան հաստատեց, որ այս կացութեան առընթեր, լիբանանցի ժողովուրդը չի կրնար դիտորդի դերակատարութեան մէջ ըլլալ, որովհետեւ ժողովուրդին իրաւունքն է ստանալ այն, ինչ խոստացուած է անոր:
Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան մարզին՝ Կիտանեան նշեց, որ կառավարութեան կազմութիւն՝ կը նշանակէ շարունակել մնալ աշխարհի զբօսաշրջական քարտէսին վրայ, իսկ կառավարութեան կազմութեան յապաղում՝ կը նշանակէ բացակայիլ այն բոլոր նուաճումներէն, որոնք իրագործուած են նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին:
Անդրադառնալով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի յայտարարութեան, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ մէկ ամիս եւս ուշանալու պարագային ընթացաւարտ կառավարութիւնը որոշ նախարարութիւններ ֆինանսաւորելու հարց պիտի