Շաբաթ, 29 Մարտ 2008ին, շրջանի հայութիւնը հրաժեշտ տուաւ յետեղեռնեան սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն Յակոբ Օվայեանին:
Եղբ. Օվայեանի մահով, ոչ միայն Օվայեան ընտանիքը կորսնցուց հոգատար ամուսին մը եւ գուրգուրոտ հայր մը, այլ նաեւ ՀՄԸՄը կորսնցուց վաստակաշատ ղեկավար մը, ազգանուէր հայ մը, հաւատաւոր դաշնակցական մը, որ մեծ ներդրում ունեցած է ՀՄԸՄէն ներս, ինչպէս նաեւ թեմական կառոյցներուն, «Համազգային»ի եւ ազգային բազմաթիւ հաստատութիւններու մէջ:
Տարագիր ընտանիքի զաւակ եղբ. Յակոբ Օվայեան ծնած է 1927ին, Սանճաքի Գլըրըգխան աւանը: 1938ին, Սանճաքի պարպումէն ետք ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հալէպ, Սուրիա: Նոյն տարին անդամակցած է ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղին իբրեւ գայլիկ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն պատանեկան միութեան:
Եղբայրը երկար տարիներ ծառայած է ՀՄԸՄի շարքերէն ներս իբրեւ սկաուտ, ֆութպոլի մարզիկ, սկաուտ խմբապետ, Սկաուտական խորհուրդի անդամ եւ վարչական:
Յաճախած է Հալէպի «Զաւարեան» վարժարանը, ապա՝ Հալէպի Ամերիկեան քոլէճ, որմէ ետք, երկրորդական ուսումը շարունակած է Կիպրոսի «Մելքոնեան» կրթական հաստատութենէն ներս, զոր 1948ին աւարտելէ ետք, նետուած է ուսուցչական ասպարէզ: Եղած է Հալէպի «Կիւլպէնկեան» ազգ. վարժարանի տնօրէն:
Շրջան մը Ամերիկեան Արապիըն Պէքթըլ Քամփընիի (ABC) ընդհանուր տնօրէնին անձնական քարտուղարի պաշտօնը վարելէ ետք, վերադարձած է ուսուցչական ասպարէզ՝ պաշտօնավարելով Հալէպի «Հայկազեան» ազգ. վարժարանին եւ «Քարէն Եփփէ» ճեմարանին մէջ:
1948ին անդամակցած է ՀՅԴ շարքերուն: 1955ին ամուսնացած է Աղաւնի Քէօշկէրեանի հետ: Ունի հինգ զաւակներ եւ բազմաթիւ թոռներ:
1961ին ընտանեօք փոխադրուած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր նաեւ շարունակած է ուսուցչական իր ասպարէզը, երկար տարիներ իբրեւ տնօրէն պաշտօնավարելով «Էհրամճեան» վարժարանին մէջ: Միաժամանակ, փոխանցուելով ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի շարքերը, ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ, եղած է վարչութեան քարտուղար, ատենապետ եւ երկար տարիներ վարած է Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը:
1961-1974 Լիբանանի մէջ ազգային հասարակական կեանքին իր արդար բաժինը բերելէ ետք, ընտանիքին հետ վերջնականապէս հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս: Նոյն տարին իսկ փոխանցուելով ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի շարքերը, ընտրուած է շրջանի առաջին Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ այնուհետեւ, ամբողջ տասը տարիներ Շրջանային վարչութեանց յաջորդական կազմերուն մէջ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ:
1976ին, կարգ մը ՀՄԸՄական եղբայրներու հետ հիմը դրած է Նաւասարդեան մարզախաղերուն, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն եւ իրենց իւրայատուկ տեղը նուաճած են շրջանի հայկական իրականութենէն ներս:
1983ին, Աթէնքի մէջ մասնակցած է ՀՄԸՄի Գ. Ընդհանուր ժողովին:
1985ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու 10ամեակին առիթով, օրուան Շրջանային վարչութիւնը, զինք եւ երկու այլ եղբայրներ պարգեւատրած է, եզակի այս մարզախաղերու ստեղծման եւ անոնց միջոցաւ շրջանի երիտասարդութիւնը մարզական մաքուր միջավայրի մը մէջ համախմբելուն համար:
1987ին Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը բարձր գնահատելով եղբայր Օվայեանի միութենական բեղուն գործունէութիւնը, յատուկ յուշատախտակներով պարգեւատրած է զինք:
Հաւանաբար կրթական մշակի իր պարտականութենէն եւ ՀՄԸՄի հանդէպ ունեցած սէր ու յարգանքէն մեկնած, եղբայր Օվայեան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ աշակերտական մարզախաղերու՝ բոլորիս ծանօթ ՔԱՀԱՄի կազմակերպման մէջ:
ՀՄԸՄի 80ամեակը եւս երջանկութեան առիթ հանդիսացաւ եղբ. Օվայեանին: Պատմական թուական ըլլալէ անկախ, օրուան Շրջանային վարչութիւնը «Տիպար ՀՄԸՄական-1998» տիտղոսը շնորհած էր եղբօր:
2004 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄի Շր-ջանային Ներկայացչական 26րդ ժողովի բացումին, Շրջանային վարչութիւնը ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշանով պարգեւատրեց եղբայրը, մեծ անակնկալի մատնելով զինք ու իր ընտանիքը:
Եղբայրը հիմնադիրը եղած է Սիսեցիներու հայրենակցական միութեան եւ երկար տարիներ վարած է անոր ատենապետի պարտականութիւնը: Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է «Համազգային»ի մշակութային, ինչպէս նաեւ Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութիւններէն ներս: Ան ներկայութիւն էր նաեւ Ազգային կառոյցներէն ներս, միշտ ծառայելու եւ իր օգտակարութիւնը ցուցաբերելու ընդհանուր աշխատանքներուն եւ ծրագիրներու իրագործման մէջ:
Եղբայր Օվայեանի յիշատակը, նուիրումը, սէրը եւ յարգանքը օրինակ պիտի ծառայէ բոլորին:
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի վկայութեամբ, «մեծ հայասէր մը, մեծ հայրենասէր մը, ազգի ծառայ մը, նուիրեալ մըն էր Օվայեան, որ կը պատկանի այն սերունդին, որուն համար ծառայութիւնը, նուիրումը եւ զոհողութիւնը բառին ամբողջական իմաստով կեանքի էր վերածուած եւ հարազատութեան իր թարգմանութիւնն էր… Յակոբ Օվայեան եղաւ տոկուն եւ զօրաւոր մարդ մը, իր ծառայութեան ուղեւորութեան ընթացքին, որ անկասկած, իբրեւ գիտութիւն եւ կրթութիւն ինչ որ կ՛ամբարէր իրեն համար պիտի ըլլար ուժ եւ զօրութիւն: Եւ ինչ որ ամբարեց իբրեւ մարդ, իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ եւ տնօրէն, իբրեւ յանձնառու ժողովական, նուիրեալ, գործունեայ եւ տիպար ՀՄԸՄական, իբրեւ նուիրեալ հայրենակից, իբրեւ հայ-տարեցներու միութեան երկարամեայ նուիրեալ, եւ ամէն մակարդակի իբրեւ նուիրեալ եւ ուխտեալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան զինուոր եւ մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Աստուծոյ խօսքերը իր կեանքի համար թարգմանը եղան, որովհետեւ ինք իր ծառայութեան մէջ մնաց համեստ, եղաւ իմաստուն եւ խոհեմ, միշտ փորձեց արդարութեան եւ արդարամտութեան իր ծառայութեամբ առաջնորդել:
«Մեզի կը մնայ յիշել զինք իբրեւ անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայ մեր հաւաքականութեան եւ Աստուծոյ, անմահացնելով անոր յիշատակը»:
ՀՄԸՄական, իր գործակիցներէն Մարօ Քէշիշեան, կը վկայէ, որ Օվայեան «ամբողջ 70 տարիներ եղած էր այն իրաւ ՀՄԸՄականը, որ 1938ին, ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղին իբրեւ գայլիկ արձանագրուելով եւ այնուհետեւ Պուրճ Համուտի եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղերուն անդամակցելով, անցած էր այս մեծ ընտանիքի բոլոր հանգրուաններէն. գայլիկէն, ֆութպոլի մարզիկէն մինչեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ… եղբ. Օվայեան, անցնող 80 տարիներուն, իր համեստ բնաւորութեամբ յարգանքը վայելեց իր հարազատներուն ու շրջապատին: Իր ձգած հետքերը երբեք պիտի չկորսուին եւ հարազատ թարգմանը պիտի հանդիսանան ՀՄԸՄի իմաստալից «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին, որուն ինք այնքան հաւատքով կը մօտենար»:
Օվայեանի աշակերտներէն, իր կուսակից Սեդօ Պոյաճեանի վկայութեամբ. «Դաշնակցական Օվայեանը կը պատկանէր այն սերունդին, որ օտարութեան մէջ փորձեց կերտել հաւաքական կեանք՝ հայրենազուրկ հայուն համար»: Այդ սերունդին համար առաջնորդող երեք գլխաւոր սկզբունքներն էին՝
– Գործօն կեանք մը, թէկուզ լի սխալներով, աւելի պատուաբեր ու օգտաշատ է, քան աննպատակ ու ծոյլ կեանք մը:
– Կեանքը կը սկսի աւարտիլ այն օրը, երբ կը սկսինք մնալ լուռ եւ անտարբեր այն հարցերուն նկատմամբ, որոնք կենսական են անհատի էութեան եւ հաւաքական լինելութեան:
– Գլուխը երբեք չխոնարհել, այլ զայն բռնել բարձր ու նայիլ աշխարհի ուղղակի երեսին:
Օվայեան փորձեց կատարել այդ բոլորը այն մէկ սկզբունքի գիտակցութեամբ, որ պէտք է նախ ապահովել, որ ոտքդ զետեղած ես ճիշդ գետնի վրայ ու ապա կառչիլ անոր ամրօրէն: Ի վերջոյ եթէ մարդ տուած է իր լաւագոյնը, ալ աւելի ի՞նչ կը մնայ:
Nova Automotive
Glendale, California
Mr. & Mrs. Jirair & Rita Keuroghlian
Merry Christmas
& Happy New Year
Տէր Եւ Տիկ. Աւետիք
Եւ Անգինէ Իզմիրլեան
Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորեն Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը