ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի անունով հաստատուած կրթանպաստի հիմադրամէն նուիրատուութեան մը միջոցաւ, առաջնորդարանը որոշած է միանալ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «100 Սիւներ» նածաձեռնութեան։
Առաջնորդին Յովնան արք. Տէրտէրեան յայտարարեց, թէ առաջնորդարանը հպարտ է, որ առիթը ունի նպաստելու նոր սերունդի համալասարանական ուսումը դիւրացնել միտող այս նախաձեռնութեան, նոյն ժամանակ յոյս յայտնելով, որ այլ կազմակերպութիւներ եւս կը միանան ազգանուէր այս արշաւին։
Իր կարգին, համալասարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, առաջնորդարանին եւ դոկտ. Քրիս Միրզայեանին, որ անձնապէս մասնակիցներէն մէկն է «100 Սիւներ» նախաձեռնութեան եւ իբրեւ երկարամեայ ջատագովը համալսարանին, առաջնորդարանին եւ համալսարանին միջեւ միջնորդ հանդիսացած է այս համաձայնութիւնը իրականացնելու համար։
Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան նաեւ նշեց, թէ իր այս քայլով, առաջնորդարանը կը շարուակէ կրթական մարզին նեցուկ կանգնելու՝ Հայց. եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւնը։
Յիշեցնենք, որ «100 Սիւներ» նախաձեռնութեան մասնակիցները յաջորդական հինգ տարիներու ընթացքին 50,000 տոլար կը նուիրեն համալսարանին՝ նեցուկ կանգնելու համար անոր կրթական եւ կրթանպաստի զանազան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ անոր ընդհանուր բարգաւաճման:
Խօսք առին նաեւ դոկտ. Քրիս Միրզայեան, Յովնան արք. Տէրտէրեանի անուան կրթանպաստի հիմադրամի ատենապետուհի Ալիս Չաքրեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախկին տնօրէն տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, շեշտելով կրթանպաստներու այսպիսի նախաձեռնութեանց կենսական կարեւորութիւնը։