ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ճիւլի Մարքֆիլտի նոր ստեղծագործութեանց ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ:
Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 10 Յունուար 2019ին, երեկոյեան ժամը 7էն 9։30 տեղի ունենալիք ընդունելութեամբ:
Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 216 S. Louise St., Glendale, CA 91205:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 Յունուար, իսկ ցուցադրասրահը բաց է Երեքշաբթիէն Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 11էն 5, իսկ Շաբաթ օրերը՝ ժամադրութեամբ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.tufenkianfinearts.com կայքը կամ www.facebook.com/tufenkianfinearts կայքէջը: