Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբերին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցը: Որոշ փոփոխութիւններէ ետք, յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնաժողովին Սփիւռքատարած անդամներուն՝ ստանալու համար անոնց տեսակէտը: Նոյն ուղեցոյցը նաեւ պիտի տեղադրուի կաթողիկոսարանի կայքին վրայ, որպէսզի լեզուագէտներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ ազգայիններ կարենան յանձնաժողովին փոխանցել իրենց տեսակէտները:
Ժողովը նաեւ քննեց սոյն աշխատանքը արհեստագիտութեան ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակներուն տրամադրելու կարելիութիւնները:
Ժողովի աւարտին, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան այս աշխատանքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արեւմտահայերէնը Սփիւռքի մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուաններէն մէկը կը կազմէ: