ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 1 Մարտի գործով մեղադրեալ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի «Կեանք Եւ Ազատութիւն» խորագիրով ինքնակենսագրական գիրքը արդէն վաճառքի հանուած է: Գիրքը կը վաճառուի առցանց՝ 489 ռուսական ռուբլիի (3594 դրամ):
Գիրքը կը ներկայացնէ Քոչարեանի կեանքը եւ քաղաքական գործունէութիւնը: Առանձին գլուխներ նուիրուած են անոր՝ Արցախի եւ Հայաստանի նախագահութեան տարիներուն, Ղարաբաղեան պատերազմին եւ ԽՍՀՄի փլուզման, 27 Հոկտեմբերի եւ 1 Մարտի ողբերգութիւններուն, անձնական կեանքին՝ քաղաքականութիւն մտնելէ առաջ եւ նախագահութեան աւարտէն ետք: