2019ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անունով խօսք առաւ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան. ան դիտել տուաւ, որ ստեղծուած է տարօրինակ իրավիճակ, որուն պատճառը տրուած ինքնանպատակ որոշումն է՝ ընտրութիւնները Դեկտեմբերին իրականացնելու վերաբերեալ:
«Յայտնուած ենք այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, որ պիւտճէն կը ներկայացնէ կառավարութիւն մը, որուն բոլոր անդամները պաշտօնանկ եղած են եւ պաշտօնակատար են: Պիւտճէն պիտի հաստատէ այն Ազգային ժողովը, որ տէ ժիւրէ լուծուած վիճակի մէջ է, ըստ էութեան՝ նոյնպէս պաշտօնանկ եղած է եւ նոյնպէս պաշտօնակատար է, բայց կը քննարկենք այնպիսի փաստաթուղթ մը, որ քաղաքական, տնտեսական կարեւորագոյն փաստաթուղթը նկատուած է միշտ», յայտնեց պատգամաւորը եւ աւելցուց, որ ասիկա տխուր մտորումներու դուռ կը բանայ:
Ռուստամեան նշեց, որ ինք կը հասկնայ, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը պիւտճէն կ՛որակէ իբրեւ թոյլ՝ նախորդ ընթացքը նկատի ունենալով, թէ շատ բան չի կրնար փոխուիլ: «Այս նաեւ կը նշանակէ, որ պիտի կիրարկուի ոճ մը, որ անիկա ընդունուի կամ ոչ՝ կացութենէն բան չի փոխուիր: Ըստ էութեան, կրնայ այդպէս ալ ըլլալ: Նոր կառավարութիւնը պէտք է նախորդ պիւտճէի համամասնութեամբ զայն իրականացնէ, եւ բնականաբար, յառաջիկայ կառավարութեան հանդէպ խոչընդոտներ չկան: Չեմ կարծեր, որ այս Ազգային ժողովը խոչընդոտ հանդիսանայ այս պիւտճէի ընդունման, մանաւանդ որ կառավարութեան որեւէ գործունէութիւն այս խորհրդարանին մէջ երբեք չէ խոչընդոտուած, եւ այս տրամաբանութիւնը պէտք է հիմա ալ գործէ: Կարելի է ըսել, որ ասիկա ոչ թէ հինէն եկած թուլութիւն ունեցող պիւտճէ է, այլ փոխանցման պիւտճէ է, զոր պիտի փոխանցենք յաջորդ կառավարութեան, որուն երկու ծնողներն ալ՝ կառավարութիւն եւ Ազգային ժողով, պաշտօնանկ եւ պաշտօնակատար են, բայց պէտք է, իբրեւ ժառանգութիւն՝ փոխանցեն միւս կառավարութեան», ըսաւ Ռուստամեան:
Ան ընդգծեց, որ այն խորհրդարանը, որ կը հաստատէ պիւտճէն, անոր վերահսկելու կարելիութիւն պիտի չունենայ, եւ այն կառավարութիւնը, որ զայն ներկայացուցած է, շատ հաւանաբար նոյն կազմով պիւտճէն գործադրելու կարելիութիւն չունենայ, այդ պատճառով՝ տարօրինակ իրավիճակ կը տիրէ: «Մենք թեր պիտի քուէարկենք՝ մեկնելով այն հանգամանքէն, որ պէտք չէ հարցեր ստեղծել հետագայ ընթացքին համար: Այդուամենայնիւ, պէտք է սահմանուի պատասխանատու փաստաթուղթ մը, զոր օրէնքով նախատեսուած կարգով յաջորդները պարտաւոր են իրականացնել: Յոյսով եմ, որ նոր խորհրդարանը կը վերահսկէ անոր իրականացման եւ նոր կառավարութիւնը առնուազն հիմնական բաղադրիչները կ՛իրականացնէ», յայտնեց Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ պիւտճէին մէջ կան դրական կէտեր՝ ընկերային առումով: «Առնուազն մէկ կարեւոր փաստ նկատի ունենալով ալ մենք թեր պիտի քուէարկենք: Փաստօրէն, հիմնական կենսաթոշակը կ՛աւելցնենք 10 հազար դրամով, որ կարեւոր քայլ է, որպէսզի հետագային ալ հասնինք այնպիսի տեղ մը, ուր երկիրին մէջ աղքատներ գոյութիւն չունենան: Այդ աղքատները պէտք է իրենց բանաձեւումը ունենան: Մինչեւ հիմա ոչ ոք փորձած է ուղիղ իմաստով նայիլ եւ ըսել, որ աղքատ են բոլոր անոնք, որոնք կենսապահովման նուազագոյն զամբիւղի չափ եկամուտ չունին: Եթէ այդպէս նայինք, պիտի տեսնենք, որ մեր բնակչութեան 70-80 տոկոսը աղքատ է: Ուրեմն ըսել, որ աղքատներ պիտի չըլլան՝ պաշտօնական յայտարարութիւն է: Ես այդ պատճառաւ կ՛ըսեմ, թէ կարեւոր է, որ հիմնական կենսաթոշակը, որ ընդամէնը 16,000 դրամ է, որ ամօթ է, եւ վաղուց մեր ամօթը եղած է, հիմա պիտի դառնայ 26 հազար դրամ, որ նոյնպէս ամօթ է. այդ 26 հազարն ալ չի կրնար բարելաւել ոեւէ չքաւորի, աղքատի իրավիճակը: Այդ առումով, ապագայ իշխանութիւնները շատ մեծ ընելիքներ ունին: Քիչ է յայտարարել, որ հայ մարդը պէտք չէ աղքատ ըլլայ, որովհետեւ անոր համար նախ անհրաժեշտ են իրական աղքատութեան գնահատականներ եւ իրական ծրագիրներ, որպէսզի աղքատութիւնը վերացուի: Եւ որովհետեւ ասիկա փոխանցման պիւտճէ է, մենք այդ փոխանցման չենք խոչընդոտեր, մենք թեր կը քուէարկենք անոր», եզրափակեց Ա. Ռուստամեան: