ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քիմ Քարտաշեան եւ անոր ամուսինը՝ Քանյէ Ուեսթ որոշած են Հայաստանէն տղայ երեխայ մը որդեգրել: Այս մասին կը յայտնէ «Միրըր» թերթը:
«Անոնք կապուած են Հայաստանի մէջ գործող մանկատան մը հետ, ուր այցելած էին երեք տարի առաջ: Անոնք կը նախատեսեն յառաջիկայ շաբաթներուն դարձեալ այցելել», անանուն աղբիւրը ըսած է «Հիթ Ուըրլտ» ամսագիրին՝ յիշեցնելով, որ Քիմի հօր՝ Ռոպերթի ընտանիքը հայ էր, ուրեմն բնական է, որ զոյգը որոշած է երեխայ որդեգրել այդ երկրէն:
«Քիմը շատ կը սիրէր հայրը, եւ կը փափաքի ունենալ փոքր տղայ մը, որ իրեն յիշեցնէ իր հայրը», ըսած է աղբիւրը:
Զոյգը արդէն որոշած է, թէ ի՛նչ անուն պիտի տայ Հայաստանէն որդեգրուող երեխային:
«Անոնք արդէն որոշած են երեխան անուանել Սեմ՝ ի պատիւ Քիմի մեծ մեծ հօր Սաղաթել Քարտաշովի, որ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելէ ետք անունը փոխած էր՝ զայն վերածելով Սեմ Քարտաշեանի:
Նշենք, որ զոյգը արդէն ունի երեք երեխաներ՝ Նորթ, Սէյնթ եւ Շիքակօ: Վերջին երեխան՝ Շիքակօն, զոյգը ունեցած էր փոխարինող մօր օգնութեամբ, որովհետեւ բժիշկները այլեւս արգիլած են Քիմ Քարտաշեանին երեխայ ունենալ:
Աստուա՜ծ հասնի այս զոյգին կողմէ որդեգրուելիք երեխային: Տէ՜ր իմ Աստուած: