ՄԻՇԸԼ ՀԻԼԶ.- «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս ստացած է փրոֆ. Ռապըրթ Հիւսընի հարուստ գրադարանը, որուն հատորներուն դասաւարումէն ետք տրամադրելի պիտի դարձնէ ուսումնասիրողներու։
Նիւ Եորք ծնած եւ ամերիկահայ ընտանիքի (Հիւսընեան) զաւակ փրոֆ. Ռապըրթ Հիւսըն դոկտորի վկայականը ստացած է 1967ին, Ճորճթաուն համալսարանէն, եւ «Ռօուըն» համալսարանին մէջ առաւել քան 30 տարիներ դասաւանդած է բիւզանդական եւ ռուսական պատմութիւն։ Ան նաեւ Հարաւային Կովկասի պատմութեան մասնագէտ է եւ հեղինակը՝ շարք մը հատորներու, ներառեալ՝ կոթողային «Հայաստան. Պատմական Աթլաս Մը» (2001) աշխատասիրութիւնը։
Փրոֆ. Հիւսընի գիրքերու հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ հեղինակաւոր հայագէտ Նիկողայոս Ադոնցի եւ անոր ուսանողը հանդիսացած եւ Հիւսընի դասախօսը՝ կովկասագէտ Սիրիլ Թումանոֆի գրադարաններէն յատկանշական հատորներ։