ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբերին վերահաստատեց ՀՀԿի դիրքորոշումը Ընտրական օ-րէնսգրքի փոփոխութիւններուն եւ Դեկտեմբերին Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելուն վերաբերեալ՝ յայտարարելով, որ կուսակցութիւնը դէմ է երկուքին ալ, սակայն վարչապետի՝ երկրորդ փուլով ընտրութեան թեկնածու պիտի չառաջադրէ:
Վահրամ Բաղդասարեան նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն ՀՀԿն համաժողով պիտի գումարէ եւ ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան մասին յայտարարութիւն պիտի կատարէ: