Տարեսկիզբին, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը նախաձեռնած էր կարեւոր քայլի մը, որ կը միտէր իր մարզական ծրագիրներուն մէջ ներառնել նաե՛ւ ի ծնէ թերութիւններ ունեցող հայ մանուկներն ու պատանիները, իբրեւ լիարժէք անդամները մեր ընկերութեան:
Օրին, այս նախաձեռնութիւնը կոչուած էր «Հրաշք» եւ կազմուած էր մասնագիտական յանձնախումբ մը, զայն իրականութիւն դարձնելու համար:
«Հրաշք»ի մանուկներն ու պատանիները մասնակցեցան վերջին Նաւասարդեան մարզախաղերուն, ինչպէս նաեւ փակման տողանցքին՝ մեծ յուզում եւ խանդավառութիւն յառաջացնելով մարզադաշտին մէջ:
Անոնց երթը կը շարունակուի եւ «Հրաշք»ի մանուկներն ու պատանիները անցեալ Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին մասնակցեցան ՔԱՀԱՄի մարզախաղերուն, Կլենտէյլ Քոլեճի մարզադաշտերուն վրայ:
«Հրաշք»ի ծրագիրին միացած առաւել քան 20 մանուկներ ու պատանիներ, բաժնուած 3 տարիքային խումբերու՝ մասնակցեցան յատուկ իրենց համար կազմակերպուած 25, 50 եւ 100 մեթր վազքի, ինչպէս նաեւ ոտնագնդակի մրցումներուն:
Ներկայ էին մեծ թիւով ծնողներ ու մասնագէտ խորհրդատուներ, որոնց անմիջական հսկողութեամբ, «Հրաշք»ի երեխաները մարզական օրինակելի ոգիով, իրենց լաւագոյնը ըրին մարզադաշտերուն վրայ, անգամ մը եւս փաստելով, որ իրենք մեր հասարակութեան լիրաւ անդամներ են եւ արժանի են ոչ միայն քաջալերանքի, այլեւ՝ նմանօրինակ հաւասար առիթներու, որպէսզի կարենան դրսեւորել իրենց յատկանիշները:
Այստեղ տեղադրուած լուսանկարները առաւել քան խօսուն են: