ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանին հրաւէրով, Հոկտեմբեր 23ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ նոր նշանակուած աւագ հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի միջեւ, քննարկելու համար համագործակցութեան կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելիով զարգացնել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները։
Քննարկուած նիւթերուն շարքին եղան.
– Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան եւ մենատիրութեան չէզոքացումին շնորհիւ գործարարութեան պայմաններուն դրական փոփոխութիւնները եւ ներդրումներու առիթներուն բազմացումը.
– Հայաստանի մէջ ամերիկացիներու եւ ամերիկեան ընկերութիւններու նեդրումները քաջալերելու նպատակով Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդի նախաձեռնութիւնները.
– Առեւտրական ցուցահանդէսներու համար Հայաստանէն այցելող պատուիրակութեանց աջակցելու եւ անոնց համար խորհրդաժողովներ կազմակեպելու գծով Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդի դերակատարութիւնը.
– Հայաստանի մէջ նեդրումներ քաջալերելու նպատակով շարք մը նախարարութեանց եւ պետական բաժանմունքներու հետ Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդին կնքած համաձայնութեանց արդիականացումը։