27 Սեպտեմբերին, Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի Թ. կարգի թատրոնի դասարանի աշակերտները՝ իրենց դասատու Կասիա Մահսէրէճեանի առաջնորդութեամբ, պատեհ առիթը ունեցան հանդիպելու հասարակական գործիչ եւ թատերագիր Արամ Գույումճեանի հետ: Անոնք ծանօթացան անոր վաստակին, մասնաւորաբար ամերիկահայ մեծանուն գրագէտ-թատերագիր Ուիլեըմ Սարոյեանի անտիպ թատերական գործերը գնահատելու եւ արժեւորելու անոր աշխատանքին:
Աշակերտներուն համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր տեսնել հայ մեծանուն վարպետը եւ ծանօթանալու անոր միջազգային նուաճումերուն եւ գործերուն:
Առաջին հերթին աշակերտները ներկայացուցին իրենց սորված եւ պատրաստած բաժինները Գույումճեանի գործերէն։
Արամ Գույումճեան «Երեք Պանդոկներ» (Three Hotels) եւ «The Farewells» թատերախաղերու բեմադրութեան համար շահած է մրցանակներ: Անոր գործերը ներկայացուած են առաւել քան վեց տարբեր քաղաքներու մէջ, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Լոնտոն: Իսկ իր վերջին իրագործումներէն են «Happy Armenians» բացօթեայ գեղեցիկ բնութեան մէջ ներկայացուած թատերական կտորը, «Go On» եւ «Constantinople» գործերը:
Աւարտին աշակերտները մեծապէս գնահատեցին տարուած աշխատանքը, հպարտութեամբ իրենց տպաւորութիւնները արտայայտեցին, հարստացնելով իրենց ազգային եւ աշակերտական փորձառութիւնը:
Ապագայի թատերագիրները եւ բեմադրիչները անգամ մը եւս խանդավառուեցան տաղանդաշատ անձնաւորութեան ներկայութեամբ եւ ներկայացումով: