ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրոնսըն, որ առաւել քան երկու տարի բանտարկուելէ ետք, ազատ արձակուելով՝ վերադարձաւ Ամերիկա, ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» կայանի «Բարի Լոյս Ամերիկա» յայտագիրէն քննադատեց Թուրքիոյ մէջ իր բանտային պայմանները։
«Ըստ իս՝ ես այժմ Թուրքիոյ մէջ ամէնէն ատելի մարդոցմէ մէկն եմ», ընդգծեց հոգեւորականը՝ ըսելով, որ 2016ին, իր ձերբակալութենէն ետք շրջան մը պահուած էր մենախուցի մը մէջ, իսկ ապա տարուած բանտախուց մը, որ 8 հոգիի համար նախատեսուած էր, սակայն այնտեղ կը պահէին 20 բանտարկեալներ։