Շաբաթ, 22 Սեպտեմբերին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելեց Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տունը:
Ներկայ էին Այնճարի պատկան մարմինները. ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ամբողջ կազմը, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, թաղական խորհուրդն ու տիկնանց միութիւնը, ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄի սկաուտները, հայ առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ:
Նախարարին այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Այնճարի պատմութեան, կեանքին եւ առօրեային: