Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018ի յետմիջօրէին, աշխատանքային այցելութեամբ Հալէպ ժամանած Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Հալէպի «Շաամ» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցաւ հալէպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարին կ՛ընկերակցէին Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան փրոֆ. Արշակ Փոլատեան եւ Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան:
Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Հնչակեան կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աւետիս Խոշաֆեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Շուշանեան, ՀԲԸՄի Սուրիոյ Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան:
Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն՝ դիտել տուաւ, որ սուրիական տագնապի սկիզբէն‘ 2011էն ի վեր, Հայաստանէն Հալէպ այս մակարդակով պետական պաշտօնական պատուիրակութիւն չէր ժամանած, այս առաջինն է, ուստի ան ողջունեց սփիւռքի նախարարին ներկայութիւնը:
Նախարարը խօսք առնելով՝ նախ ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ յայտնեց որ մեծ ոգեւորութեամբ եւ յուզումնախառն ապրումներով ժամանած է Հալէպ: «Աշխարհի հնագոյն ազգերէն մէկը իր երրորդ պետականութեան 27ամեակը կը յիշատակէ եւ այս կրկնակի խորհրդանշական է, որովհետեւ այս տօնը ձեզի հետ Սփիւռքի Մայր գաղութին մէջ կը տօնենք: Ասիկա կրկնակի հպարտութիւն է», ըսաւ Հայրապետեան:
«Բաւական տխուր էի այս քանի մը ժամուան ընթացքին, որովհետեւ առաջին անգամն է որ Հալէպ կ՛այցելէի, սակայն հիացած եմ հալէպահայութեան դիմադրողական ոգիով, վճռականութեամբ ու վստահ եմ որ այս գաղութը պիտի վերականգնի շնորհիւ այս ոգիին ու կամքին: Մենք իսկապէս կը գնահատենք այս կամքը, հայ համայնքը մեզի համար շատ կարեւոր համայնք է, ցաւօք անիկա նօսրացած է պատերազմին պատճառով, որուն ի տես մենք մեր կարելին պիտի ընենք՝ նեցուկ կանգնելու համայնքին եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն, որպէսզի անոնք յաղթահարեն դժուարութիւնները: Հայաստանի յեղափոխութիւնը լաւ հող ստեղծեց մեզի համար, որպէսզի մենք հոգատարութիւն ցուցաբերենք նաեւ Սփիւռքին», յայտնեց նախարարը՝ շեշտելով որ Հայաստանի ներկայ կառավարութեան ռազմավարութիւնն է՝ վարել ե՛ւ հայաստանակեդրոն ե՛ւ սփիւռքակեդրոն քաղաքականութիւն, որպէսզի համահայկական մեր ներուժը լաւագոյն ձեւով կարելի ըլլայ օգտագործել՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրացման:
Ապա նախարարը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն՝ Թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակներուն, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն, հայրենադարձութեան, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններուն, սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն առնչութեամբ եւ եզրափակելով ըսաւ, որ յեղափոխութեան նպատակը միայն իշխանափոխութիւն չէր, այլ ամբողջ համակարգի, աշխատելաոճի փոփոխութիւն, ոստում մը դէպի ժողովրդավարութիւն, ուր շեշտուած պիտի ըլլայ ժողովուրդին մասնակցութիւնը, ժողովուրդին իշխանութիւնը, իսկ կառավարութիւնը միշտ հաշուետու պիտի ըլլայ ժողովուրդին: