ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի համագործակցութեամբ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15ին, Թեքսասի Սան Անթոնիօ քաղաքի «Կրենտ Հայէթ» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը։ Մուտքը ազատ է։
«Նորարար մօտեցումներ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան (1918-1920)» խորագրուած սոյն գիտաժողովի Ա. նիստին, Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ Պետրոս Տէր Մաթոսեան պիտի կատարէ պաշտօնական բացումը։
«Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը միջազգային պարունակէն ներս» խորագրուած Ա. նիստը պիտի ղեկավարէ Ցոլին Նալպանտեան, իսկ անոր ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Ճորճ Պուռնութեան (Հանրապետութեան հողային պահանջներուն մասին), Վարդան Մաթէոսեան (Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հանրապետութեան ճանաչումը ա-պահովելու գործընթացին մասին) եւ Արի Շէքէրեան (Հանրապետութեան հաստմաման առնչութեամբ օսմանաթրքական եւ Պոլսոյ հայկական մամուլին հակազդեցութիւններուն մասին)։
Բ. նիստը, որուն խորագիրն է՝ «Սեռ, անհատականութիւններ եւ մշակոյթ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մէջ», պիտի ղեկավարէ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, իսկ անոր ընթացքին ուսումասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Սեդա Դ. Օհանեան (Հանրապետութեան երեսփոխանուհիներուն մասին), Եաքուպ Օսիէսքի (Հանրապետութեան եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ջանքերուն մասին), Խաչիկ Մուրատեան (Արամ Մանուկեանի ժառանգին մասին) եւ Խորէն Գրիգորեան (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրամանիշներուն մասին)։
Փակման խօսքը պիտի արտասանէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած քառահատոր աշխատասիրութեան հեղինակ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։
Գիտաժողովին կամ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
societyforarmenianstudies.com կայքը, կամ դիմել վարչութեան ատենապետ Պետրոս Տէր Մաթոսեանին՝
bdermatossian2@unl.edu հասցէով։
Նշենք, որ սոյն գիտաժողովին զուգահեռ, նոյն պանդոկին մէջ, Նոյեմբեր 15-18ին պիտի կայանայ Միջին Արեւելքի ուսմանց միութեան տարեկան 52րդ հանդիպումը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ հայութեան առնչուող ուսումնասիրութիւններ։ Անոր ամբողջական յայտագիրին ծանօթանալու համար, այցելել https://mesana.org/pdf/18-preliminary-program-9-12.pdf կայքէջը: