ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը կը համարէ նման հարցեր լուծելու իւրայատուկ օրինակ: Կութերես վերոնշեալ կարծիքը յայտնեց «Ֆէյսպուք»էն ուղիղ եթերով օգտատէրերուն հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին:
«Մենք վերջերս ունեցանք իշխանութիւնը խաղաղ փոխանցելու գերազանց օրինակ, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ: Անիկա շատ լաւ օրինակ մըն է՝ ապացուցելու, որ պատճառներ կան հաւատալու, թէ նոր սերունդը ընդունակ է աւելի լաւ որոշումներ տալելու, քան իմ սերունդը», յայտնեց Կութերես: