ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Առաջին անգամ 1991ին խումբ մը ուխտաւորներ պատմական Հայաստանի բռնագրաւեալ տարածքները առաջնորդած Արմէն Արոյեան, որ յաջորդող տարիներուն ընթացքին մօտաւորապէս 100 նման ուխտագնացութիւններ կազմակերպած էր, որոշած է այդ այցելութեանց տեսանիւթերու իր հարուստ հաւաքածոն նուիրել Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական ծրագիրին։
Արոյեանի մօտաւորապէս 400 ժամնոց տեսանիւթերու հաւաքածոն պիտի թուայնացուի, ցանկագրուի եւ տրամադրելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրողներու։
Նշենք, որ անոր անդրանիկ ուխտագնացութեան մասնակցած էին 7 հոգի, իսկ բոլոր ուխտագնացութիւններուն՝ 1480։
Տեսանիւթերը ցոյց կու տան ոչ միան Արեւմտեան Հայաստանի պատմական կարեւոր վայրերը, այլ նաեւ հոն արձանագրուած են ուխտագնցութեան վկայութիւնները եւ հանդիպումները տեղացիներուն հետ։
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ Սալբի Ղազարեան այս հաւաքածոն կարեւոր աղբիւր մը կը համարէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ եւ Սփիւռքի յարափոփոխ պատմութիւնները ուսումնասիրողներուն համար, ուր նաեւ յատկանշականօրէն կ՛երեւի ուխտագնացութեան մասնակցողներուն եւ տեղացիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ յարաբերութեանց եղափոխութիւնը։
Յաւելալ տեղեկութեանց համար, դիմել Armenian@usc.edu հասցէին կամ (213) 821-3943 թիւին։