ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 27 Յուլիսի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 35ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը։
ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներու յիշատակին իբրեւ յարգանք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ: Անկէ ետք քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Նարօտ Սէրուժեան, որ Լիզպոնի գործողութիւնը նկատեց հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն պանծալի էջերէն մէկը։
Ապա երկու բաժինով ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի 5 տղոց կեանքը, անոնց խօսքերը, ինչպէս նաեւ Բենիամին Պչաքճեանի, Վաչէ Բրուտեանի, Երուանդ Փամպուքեանի եւ Յովիկ Պերթիզլեանի կողմէ գործողութեան արժեւորումը ներկայացնող համապարփակ տեսերիզ մը:
Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ նախանցեալ գիշեր տեղի ունեցած ջահերթին ընթացքին ստացած իր տպաւորութիւններուն եւ դիտել տուաւ, թէ մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը, որ կարգապահ ու հաւատարիմ շարքերով ուղղուեցաւ գերեզմանատուն՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու 5 հերոսներու յիշատակին, ֆիզիքապէս ծանօթ չէր տղոց, բայց ներկայ էր ու մասնակից: «Ազգերու պատմութիւնը, ազատագրական պայքարները, գաղափարական նուաճումները, հայրենասիրական պողպատացումները կը կատարուին ներկաներով, գործին հաւատացեալներով ու գործը շարունակելու երդումը պահպանող անհատներով», ըսաւ Բագրատունի։
Ապա Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ Լիզպոնի անձնուրաց տղոց մասին, որոնք ծնան ու հասակ առին հայահոծ թաղամասերուն մէջ, ապրեցան սփիւռքահայ երիտասարդին տառապանքը, մերժեցին հայուն պարտադրուած կեանքը եւ անզուգական հերոսութեամբ առին ինքնազոհաբերման, ինքնանահատակման գիտակցական որոշումը՝ իմացեալ մահով մահը կոխկռտելու ու բացառիկ գաղափարական լիցքով, համոզումով ու մարտունակութեամբ արտայայտելու մահ կամ ազատութիւն դիւցազնութիւնը:
Լիզպոնի ինքնանահատակման գործողութեան էութիւնն ու թելադրականութիւնը մեկնաբանելով՝ Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ թէեւ տարածուած է ըսել, թէ Լիզպոնը մաս կը կազմէ հակաթուրք պայքարի վերջին ժամանակներու ընդհանուր շղթային, սակայն, ըստ էութեան, անիկա Հայ Դատի ընդհանուր պայքարի շրջագիծին մէջ յաւելեալ ուժականութիւն տուող յատուկ առանձնայատկութեամբ գործողութիւն է, յեղափոխական աւանդներուն վերադառնալու եւ մեր դատը զուտ քաղաքական, խնդրարկուի դաշտէն դէպի ուժական պայքար փոխադրող լաւագոյն արտայայտութիւնն է:
Նորօրեայ պայմաններն ու մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ առնելով՝ բանախօսը շեշտեց, որ Լիզպոնի 35ամեակին, հոս, Երեւան, Ստեփանակերտ թէ սփիւռքեան այլ գաղութներու մէջ պարտինք բարձր պահել դրօշը, քաղցրութեամբ, հպարտութեամբ, յաճախ ինքնամոռացութեամբ շարունակել կրել համահայկական պահանջատիրութեան բեռը:
Լիզպոնի գործողութեան վերաբերող որեւէ հարցականի արձագանգելով՝ Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Երէկ եւ այսօր, անցեալին ու ներկայիս, աչքերուն մէջ երեւցող հարցադրումներուն պատասխանը Սիմոնի, Վաչէի, Արայի, Սեդրակի եւ Սագոյի բռունցքներուն, իրարու միացած բռունցքներու պայթումին մէջ է: Ոչ մէկ կասկած, ոչ մէկ երկրորդ մտածում, ոչ մէկ անհիմն մանրամասնութիւն, ոչ մէկ նենգափոխում, ոչ մէկ բամբասանք, ոչ մէկ չկայացած հերոսութիւն, ոչ մէկ աւելորդաբանութիւն կրնան նուազագոյն փոշին դնել անոնց խիզախութեան, անձնուրացութեան եւ ինքնանահատակման վրայ»:
Ձեռնարկին ընթացքին Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի Ողջակէզներին» բանաստեղծութիւնը, իսկ Արմիկ ու Հերմիկ Աբրահամեաններ երգեցին Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգեր՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Հայկ Քէշիշեանի:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգին երգեցողութեամբ: