ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Յունիս 23ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, հեղինակ Նենսի Ակապեան պիտի ներկայացնէ ընտանեական բռնութեան նուիրուած իր իւրայատուկ ստեղծագործութիւնը, որուն խորագիրն է՝ «Ընտանիքը Կը Հակադարձէ»։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ «Ռոսլին» արուեստի ցուցադրասրահին մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA 91205)։
Նեկայացումը մաս կը կազմէ «Հայերու տարբեր երեսները» խորագրուած ցուցահանդէսին զուգահեռ կազմակերպուած ձեռնարկներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան «Ռոսլին» ցուցադրասրահին եւ «Ապրիլ» գրատան մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 241-0611 թիւին կամ queerhyeart@gmail.com հասցէին։