ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ապրիլ 23ին, Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Փերվին Պուլտան խորհրդարանին մէջ յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
«Այս հողերուն վրայ ապրած հնամենի ժողովուրդ հայերը ողբերգութիւն ապրած են պատմութեան ընթացքին: Ապրիլ 24ին այդ պատմական ողբերգութեան տարելիցն է: Կիսելով հայ ժողովուրդին ցաւը՝ կ՛ուզեմ յայտնել իմ յարգանքը եւ խոնարհիլ զոհերու յիշատակին առջեւ: Միաժամանակ, անկեղծօրէն կը կիսեմ ցաւը բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք ենթարկուած են ճնշումներու՝ այս հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին», ըսած է կուսակցութեան համանախագահը: