ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Մարտ 28ի երեկոյեան, Անգարայի նախագահական պալատին մէջ գումարուեցաւ Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի հերթական ժողովը, որ տեւեց աւելի քան չորս ժամ եւ որուն ընթացքին խորհուրդին տեղեկութիւններ տրուեցան մասնաւորաբար «ահաբեկչութեան դէմ» արտասահմանի մէջ տարուած պայքարին կապակցութեամբ։ Քննարկուեցան նաեւ Թուրքիոյ կայունութեան սպառնացող ներքին ու արտաքին վտանգները։
Նիստի աւարտին, խորհուրդին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութենէն յայտնի կը դառնայ, որ Թուրքիա պիտի չվարանի գործողութիւններ կատարելէ Սուրիոյ Մընպեճ քաղաքին եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ, հակառակ անոր որ միայն մէկ օր առաջ Թուրքիոյ վարչապետը խոստացած էր յարգել Իրաքի գերիշխանութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ «ահաբեկիչներ»ը պէտք է հեռացուին վերոյիշեալ վայրերէն, եւ եթէ անոնք տեղական իշխանութիւններուն կողմէ չմաքրագործուին, ապա Թուրքիա ձեռք պիտի առնէ այդ գործողութիւնը կատարելու նախաձեռնութիւնը, ինչպէս ըրած է ուրիշ վայրերու, ներառեալ՝ Աֆրինի մէջ։
Ազգային ապահովութեան խորհուրդը քննեց նաեւ Թուրքիա ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն եւ զանոնք կերպով մը իրենց երկիրը վերադարձնելու հարցերը։ «Հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ, որոնք յիշեալ տարածաշրջանին բուն տէրերն են, պէտք է իրենց տեղերը վերադառնան՝ ապահով ու խաղաղ պայմաններու մէջ ապրելու համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Թուրքիա միայն արեւելեան ճակատին վրայ չէ, որ լուրջ խնդիրներ ունի. անիկա լուրջ խնդիրներ ունի նաեւ Արեւմտեան ճակատին վրայ, յատկապէս՝ Եգէականի մէջ, յոյներուն հետ առկայ հակամարտութիւններուն գծով։ Արդարաւ, Ազգային ապահովութեան խորհուրդը հաղորդեց, թէ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի դրացի Յունաստանին կողմէ կատարուած «ոչ-բարեկամական» քայլերուն։
Ակնարկութիւնը կ՛երթայ Յունաստանի ծովային ուժերուն կողմէ նոյն օրը տեղի ունեցած զինուորական փորձերուն, Եգէական ծովուն վրայ յունական քանի մը կղզիներու շուրջ։