Իրաքի մէջ ՊՀԵԵ միութիւնը, հովանաւորութեամբ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ միութեան Գրական յանձնախումբին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ «Գարեգին Նժդեհ» շարժապատկերի ցուցադրութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 17 Փետրուարին: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին Պաղտատէն կը յայտնէ Գայիանէ Սահակեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին Իրաքի մօտ Հայաստանի լիազօր դեսպան Կարէն Գրիգորեան, դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեան, Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, քահանայ հայրեր, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համայնքի անդամներ:
Ձեռնարկի աւարտին Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեան իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը յղեց կազմակերպիչներուն: