
ՊԷՅՐՈՒԹ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ զինուած ուժերու հրետանին Չորեքշաբթի, Փետրուար 21ին կրակ բացած է մէկ օր առաջ Աֆրին մուտք գործած Սուրիոյ կառավարական ուժերու ստորաբաժանումներուն եւ անոնց համակիր զինեալներուն վրայ. այս մասին կը հաղորդէ սուրիական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը՝ աւելցնելով, որ սպաննուած են սուրիացի երեք զինուորներ:
Թուրքիոյ բանակին կողմէ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ կրակ բանալը հաստատած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան՝ Մակեդոնիոյ նախագահին հետ կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Էրտողան պնդած է, որ Փետրուար 20ի երեկոյեան Աֆրինի մօտեցած զինուորական շարասիւնին մէջ եղած են շիի խմբաւորումներ, «սակայն մեր հրետանիի գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ անոնք ստիպուած եղան նահանջելու»:
Յիշեցնենք, որ թուրք պաշտօնեաները զգուշացուցած էին, որ եթէ Սուրիոյ կառավարական ուժերը աջակցութիւն ցուցաբերեն Սուրիոյ քիւրտերուն, որոնց դէմ թրքական կողմը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր ռազմական գործողութիւն կ՛իրականացնէ Աֆրինի մէջ, ապա այդ մէկը վատ հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը յառաջիկայ օրերուն պիտի շրջապատեն Աֆրին քաղաքը, արգիլելու համար քիւրտ զինեալներուն տրամադրուող օժանդակութիւնները:
Հակառակ թրքական ջանքերուն, Սուրիոյ կառավարամէտ ուժերը Երեքշաբթի գիշեր սկսան մուտք գործելու Աֆրին: Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը ցոյց տուաւ կառավարամէտ զինեալներ, որոնք Սուրիոյ դրօշը բարձրացուցած եւ «Սուրիացի ժողովուրդը մէկ է» բացագանչելով՝ կ՛անցնէին քրտական ուժերու զինանշանները կրող անցարգելներէ:
Միւս կողմէ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու բանբեր Նուրի Մահմուտ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ քրտական ուժերը Դամասկոսին կոչ ուղղած են Թուրքիոյ յարձակումը ետ մղելու ջանքերուն օժանդակելու: «Սուրիական կառավարութիւնը դրական ընկալեց հրաւէրը, անսաց պարտականութեան կանչին եւ Փետրուար 20ին ուժեր ուղարկեց՝ սահմաններուն վրայ դիրքեր գրաւելու եւ մասնակցելու Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան ու անոր սահմաններու պաշտպանութեան»:
Նախքան այդ, գերմանական «Տի.Վի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին, Աֆրինի քիւրտ պաշտօնատարներէն մէկը պնդած էր. «Մենք շաբաթներ շարունակ այս հարցին շուրջ բանակցած ենք կառավարական զօրքերուն հետ, սակայն ռուսերը խոչընդոտներ կը ստեղծեն: Մենք հաւաստի տեղեկութիւններ ունինք, որ Ռուսիա Թուրքիոյ կանաչ լոյս տուած է եւ անոր արտօնած է ջնջել Աֆրինի մէջ գտնուող ամէն բան»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Աֆրինի մէջ կացութիւնը կրնայ դէպի լուծում ուղղուիլ՝ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ ուղղակի երկխօսութեան ճամբով։ Կը մերժե՛նք արտաքին ուժերուն կողմէ Աֆրինի մէջ կացութիւնը շահագործելու փորձերը»: