ԵՐԵՒԱՆ.- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Հայաստան: «Արմէնփրէս»ի համաձայն՝ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի նախագահին դիմաւորման արարողութիւնը:
Միշէլ Աուն Հայաստան ժամանեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով:
Ինչպէս մեր նախորդ թիւով յայտնած էինք՝ Լիբանանի նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ են երկրի ներքին գործոց նախարար Նուհատ ալ Մաշնուք, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, արդիւնաբերութեան նախարար Հուսէյն Հաժ Հասան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցան նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ, այնուհետեւ այցելեց Մայր Տաճար եւ գանձատուն:
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ հայ-լիբանանեան բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Միշէլ Աուն լրատուամիջոցներու դիմաց հանդէս պիտի գան հանդիպման արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով: