ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին՝ Շաբաթ, 17 Փետրուարի առաւօտեան, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները:
Ուսումնական խորհուրդին անունով Մարալ Մխսեան աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ սոյն մրցանքը կը կազմակերպուի ամէն տարի՝ անթառամ պահելու համար արցախեան պայքարի ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը: Անդրադառնալով նահատակ ազատամարտիկին կենսագրական գիծերուն՝ Մխսեան ըսաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեան եղած է Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջանաւարտ, ապա յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ուր հետեւած է բնագիտութեան ճիւղին: 1992ին կը մեկնի Արցախ, որուն ազատագրութեան ճամբուն վրայ կը նահատակուի: Մխսեան յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն եւ կարգ մը բացատրութիւններ տուաւ մրցանքին մասին:
Այս տարի Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ հայկական վարժարանները. Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան եւ Ազգային միացեալ վարժարան:
Մրցումին տեւողութիւնը 2 ժամ էր: Իւրաքանչիւր բաժինի համար, միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր 2 նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը: Մասնակիցները ստանալէ ետք նիւթերը իրենց մտածումներն ու զգացումները յանձնեցին էջերուն:
Յայտնենք, որ սոյն մրցանքին արդիւնքները պիտի յայտարարուին յառաջիկային մամուլի ճամբով, իսկ մրցանակակիր աշակերտները պիտի արժանանան նիւթական նուէրներու՝ տրամադրուած Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ: