Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, «Եւրասիա Տէյլի» (eadaily.com) լրատուամիջոցի կայքին վրայ հրատարակուած «Արմինֆօ» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ կը կարծէ, որ յառաջիկայ տասնամեակներուն, նկատի ունենալով ստեղծուած իրավիճակը, պէտք չէ սպասել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, որովհետեւ կողմերու դիրքորոշումները չափազանց հեռու են իրարմէ:
Յարութիւնեան չի բացառեր, որ իրավիճակի երկարատեւ պահպանումը կրնայ յանգեցնել հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման: «Բայց ստեղծուած իրավիճակին մէջ, պատերազմէն խուսափելու համար, մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք», ընդգծեց ան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ստեփանակերտը պատրա՞ստ է զիջումներու հարցը լուծելու՝ պետական նախարարը ըսաւ. «Զիջումներու մասին խօսելու համար մենք պէտք է սկիզբը նստինք բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, ապա միայն որոշենք՝ երթալ փոխզիջումներու, թէ ոչ, եւ եթէ երթանք՝ ապա ինչպէս: Ամէն պարագայի, յստակ է մէկ բան. Արցախի կարգավիճակին եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ փոխզիջումներ չեն կրնար ըլլալ, մնացած բոլոր հարցերը այդ բանաձեւի ածանցեալներն են»:
Մեկնաբանելով միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի ճանաչման ուղղուած գործընթաց սկսելուն վերաբերեալ վերջերս Արցախի Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի խորհրդարանականներուն ուղղուած կոչին՝ Յարութիւնեան յայտնեց, որ այդ մէկը չի խանգարեր եւ կրնայ նոյնիսկ աջակցիլ խնդիրի լուծման: «Շատ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ միջազգային հատուածները ճանչնան Արցախը, բայց կարելի չէ ըսել, որ ատիկա մեր հիմնական եւ վերջնական նպատակն է», ընդգծեց ան: Անդրադառնալով Արցախը ճանչնալու եւ այդպիսով վերջինիս միջազգային ճանաչման համար ուղի հարթելու վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղուած կոչին՝ պետական նախարարը ըսաւ. «Իսկ ի՞նչ պիտի տայ ատիկա մեզի: Հայաստանի կողմէ Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութիւն չկայ. մենք արդէն շատոնց մէկ երկիր ենք»:
Խօսելով Արցախի տնտեսութեան մասին՝ Յարութիւնեան բացատրեց, թէ Արցախը կայուն եւ արագ զարգացող տնտեսութեամբ հանրապետութիւն է. այդ իրողութիւն յստակ կերպով ապացուցուած է վերջին տասը տարիներուն ընթացքին երկրի երկնիշ տնտեսական ցուցանիշներով, եւ այդ՝ նկատի ունենալով Արցախի տնտեսապէս զարգացած տարածաշրջան չըլլալը խորհրդային տարիներուն, իսկ արդէն պատերազմէն ետք ստիպուած ամէն բան զերոյէն սկսաւ:
Պետական նախարարը ընդգծեց, որ յամառ եւ քրտնաջան աշխատանքի իբրեւ արդիւնք, յաջողած են կայուն զարգացման ուղիի վրայ դնել հանրապետութիւնը: «Մեր յետագայ ծրագիրները նոյնպէս յաւակնոտ են. մտադիր չենք տկարացնելու զարգացման ընթացքը: Հիմնական շեշտը, անշուշտ, պիտի դրուի ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան ոլորտներուն վրայ, որ իր զգալի ներդրումը ունեցած է երկնիշ տնտեսական աճի ապահովման գործին մէջ», յայտարարեց Յարութիւնեան՝ ընդգծելով, որ վերջին տարիներուն լաւ կերպով կը զարգանայ նաեւ զբօսաշրջութիւնը: Այսօր բնակչութեան մէկ շունչին բաժին հասնող ՀՆԱն կը կազմէ շուրջ 4 հազար տոլար: «Ասիկա, անշուշտ, վատ ցուցանիշ չէ, բայց մենք մտադիր չենք բաւարարուելու ձեռք բերուածով, շատ աւելի բարձր նշաձող դնելով մեր առջեւ: Արցախը պէտք է վերածուի քաղաքացիներու համար հասարակական-տնտեսական առումով գրաւիչ երկիրի», ընդգծեց Յարութիւնեան:
«Ո՛չ պակաս կարեւոր է նաեւ այն, որ մենք իրականացուցած ենք ներդրումներու խթանման արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն: Հակառակ շարք մը լուրջ խոչընդոտներու՝ ներկայիս Արցախի մէջ կ՛իրականացուին մեծ ներդրումներու նախագիծեր: Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ միջոցներ կը ներդրեն օտարերկրեայ հայ գործարարներ եւ ոչ-հայեր:
«Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ ներդրումներ կը կատարեն նաեւ Հայաստանէն գործարարներ: Այնպէս որ, Արցախի ներդրումային աշխարհագրութիւնը շատ լայն է», բացատրեց ան՝ աւելցնելով, որ ներդրողներու համար Արցախի մէջ ստեղծուած են բարենպաստ պայմաններ, որոնք կը կայանան ձեռներէցներուն՝ պետական աջակցութեամբ:
Ըստ պետական նախարարին՝ ներդրողներու համար գլխաւոր խթանը հաւատքն ու վստահութիւնն են: «Ահա այդ ոլորտին մէջ մեր յաջողութեան բանաձեւը, եւ, իբրեւ արդիւնք՝ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին 470 միլիոն տոլարի հասնող ներդրումները», ամփոփեց Արայիկ Յարութիւնեան: