ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջերս, Միացեալ Նահանգներու արխիւներէն յայտնաբերեցի փաստաթուղթ մը, որ կը նկարագրէ ԽՍՀՄ նախարարներու խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալ Անասթաս Միկոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի միջեւ 25 Յուլիս 1959ին կայացած հետաքրքրական զրոյցը՝ վերջինիս Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին: Անոնք նախապէս հանդիպած էին դէպի Միացեալ Նահանգներ Միկոյեանի պատմական այցելութեան ընթացքին։
Պաղ պատերազմի գագաթնակէտի ժամանակշրջանին, մրցակից երկու առաջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած քննարկումը թէեւ քաղաքավարական բնոյթ կը կրէր, սակայն նաեւ աշխոյժ էր: Նիքսըն գովասանքի խօսքեր ըսաւ Միկոյեանի մասին, որ «Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեռք բերած է բազմաթիւ ընկերներ, որոնք հիացած էին անոր եռանդով եւ իր տեսակէտները ճկունութեամբ արտայայտելու կարողութեամբ»: Նիքսըն նաեւ յայտարարեց, որ «Միկոյեանի այցը Միացեալ Նահանգներ կոտրած էր սառոյցը ոչ միայն պաշտօնապէս, այլ նաեւ անձնապէս՝ երկու երկիրներու համապատասխան տեսակէտներու վերաբերեալ»: Արխիւային փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Միկոյեան «սիրալիր կերպով պատասխանեց ողջոյնի խօսքին եւ աւելցուց, որ փոխնախագահը մեծ վիճաբանող մըն է եւ ոչ մէկուն նկատմամբ պարտքի տակ կը մնայ»։
Զրոյցը շատ արագ վերածուեցաւ քաղաքականութեան, երբ Միկոյեան դժգոհութիւն յայտնեց Քոնկրեսի վերջին բանաձեւի անպատեհութեան մասին՝ կոմունիստական իշխանութեան կողմէ բռնագրաւուած պետութիւններու վերաբերեալ, անոնց շարքին՝ Հայաստանի: Միկոյեանին կը թուէր, թէ բանաձեւը նպատակ ունէր խանգարելու Նիքսընի այցը Խորհրդային Միութիւն: Նիքսըն արդարացաւ՝ ըսելով, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը անկախ մարմին է, եւ նոյնիսկ նախագահը չի կրնար վերահսկել անոր որոշումները…: Փոխնախագահ Նիքսըն շարունակեց բացատրել. «Մեր բնակչութեան մէջ կան տարրեր, անկախ անկէ, թէ Միկոյեան զանոնք կը համարէ ճիշդ կամ սխալ, որոնք կը կարծեն, թէ իրենց նախկին հայրենիքներուն մէջ կառավարութիւնները պէտք է փոխուին: Մեր Քոնկրեսը յաճախ կ՛ընդունի բանաձեւեր, որոնք կը ներկայացնեն այդ տարրերուն տեսակէտները, որոնք կը ներառեն այնպիսի ազգութիւններ, ինչպիսիք են լեհերը, հունգարացիները եւ այլն: Բանաձեւի եւ մասնաւորապէս նախագահի հռչակագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ այդ միայն ամերիկեան ժողովուրդի եւ ամերիկեան կառավարութեան կարծիքի արտայայտութիւնն է, եւ որ իրենք չեն փորձեր մասնակցիլ, այսպէս կոչուած, քայքայիչ գործողութիւններուն»։
Զարմանալի է, որ Միկոյեան, որ խորհրդային բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկն էր, այնուհետեւ նշեց իր հայկական ինքնութեան մասին՝ Նիքսընին ըսելով, թէ «ինք հայ է եւ թէեւ Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ չի գործեր, սակայն կը ճանչնայ այդ հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի 30 երեսփոխանները, որոնց կը հետաքրքրէ գիտնալ, թէ ո՞վ իրաւունք տուած է ամերիկեան կառավարութեան գործելու իրենց անունով, եւ թէ ինչո՛ւ ամերիկեան կառավարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ իսկապէս ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրման համար, ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայկական փոքրամասնութեան»։
Միկոյեանի յայտարարութիւնը զարմանալի էր, որովհետեւ ան փոխնախագահ Նիքսընի հետ կը խօսէր իբրեւ խորհրդային ղեկավար, այլ ոչ իբրեւ հայ: Բացի ասկէ, Միկոյեան ծանօթ չէր իբրեւ հայ ազգայնական: Իրականութեան մէջ, ան մեղաւեր կը նկատուէր բազմաթիւ հայերու մահուան պատճառ դառնալուն մէջ՝ կոմունիստական իշխանութեան օրերուն տեղի ունեցած չարաբաստիկ մաքրագործումներու ատեն: Միկոյեան չէր զօրակցած նաեւ Խորհրդային Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) վերամիաւորման հարցով: Ահա ասոնք էին պատճառներէն քանի մը հատը, որոնց առիթով հայերը դժգոհած էին՝ Երեւանի մէջ Միկոյեանի յուշարձանը զետեղելու գծով վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ կայացուած որոշումէն։
Միկոյեանի հակազգային հայեացքներու հերթական դրսեւորումը անոր յայտարարութիւնն էր Դեկտեմբեր 1919ին, Հայաստանի առաջին անկախ Հանրապետութեան կարճատեւ գոյութեան (1918-1920) ընթացքին. «Հայ շովինիստները, ապաւինելով կայսերապաշտական դաշնակիցներուն, յառաջ կը մղեն յանցաւոր գաղափար մը՝ «Մեծ Հայաստան»ի ստեղծումը պատմական Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Այդ հողերուն վրայ հայերու բացակայութիւնն ու մահմետական բնակչութեան բացարձակ ներկայութիւնը չի մտահոգեր զիրենք…: Մեր (կոմունիստական) կուսակցութիւնը չի կրնար աջակցիլ «Մեծ» կամ «Փոքր» Թրքահայաստանի գաղափարին»: Իրականութիւնը այն է, որ Խորհրդային Միութիւնը երբեք չէ պաշտպանած հայերուն իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ։
Սակայն Միկոյեան ճիշդ մատնանշած է, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ է «ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրման», երբ «ժողովուրդները ճնշուած են իր իսկ կողմնակիցներուն եւ դաշնակիցներուն կողմէ», ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ եւ ուրիշ երկիրներու։
Միկոյեան նաեւ հարցականի տակ դրաւ այն, թէ խորհրդային ղեկավարները արդեօք պէտք է ուշադրութիւն դարձնե՞ն Սպիտակ Տան դրական շարժելակերպերուն, թէ արտաքին գործոց նախարարութեան աւելի թշնամական արձագանգներուն: Միկոյեան «հետաքքրուեցաւ, թէ արդեօք Խորհրդային Միութիւնը պէ՞տք է հաւատայ նախագահի կամ փոխնախագահի յայտարարութիւններուն, թէ պէտք է հաշուի առնէ արտաքին գործոց նախարարութեան այս յայտարարութիւնը՝ իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան ուղղակի արտայայտութիւն»: Միկոյեան բացատրեց, որ «Նախագահը յանձնարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան՝ մշակել արտաքին առեւտուրի զարգացման ծրագիրներ (Խորհրդային Միութեան հետ): Արտաքին գործոց նախարարութեան ձեռնարկած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ կը պարզուի, որ նախագահին ուզածը բան մըն է, արտաքին գործոց նախարարութեան ուզածը՝ ուրիշ բան»։
Միկոյեանի հետ հանդիպումը աւարտեցաւ համախոհութեամբ, փոխնախագահ Նիքսընի խոստումով, որ «Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ ետք ինք պիտի աշխատի առեւտուրի հարցերու ուղղութեամբ, բայց պէտք է գիտակցիլ, որ այդ դժուարութիւնները չեն կրնար լուծուիլ գրիչի մէկ հարուածով»։
Վերոնշեալ զրոյցը ցոյց կու տայ, որ Միկոյեան, իրականութեան մէջ, «խորամանկ» էր, այնպէս ինչպէս զայն կը նկարագրէին արեւմուտքի պաշտօնեաները: Ան տասնամեակներ շարունակ գոյատեւած է Խորհրդային Միութեան վերնախաւին մէջ, ապա մինչեւ պարտադրուած կենսաթոշակի անցնիլը՝ 1964էն 1965, պաշտօնը աւարտած է իբրեւ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ