Յունահայ իրականութեան մէջ իր տաքուկ անկիւնն ու հոգեհարազատ բեմը ստեղծած, յունարէնով լոյս տեսնող «Արմէնիքա» պարբերաթերթը տօնեց իր 20ամեակը:
Պարբերաթերթի 20 տարիներու անընդհատ հրատարակութիւնը հանդիսաւորապէս եւ մեծաթիւ գործակիցներու եւ համակիրներու ներկայութեան նշուեցաւ «Արմէնիքա»ի վարչութեան կազմակերպած յատուկ երեկոյին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Քարէայի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ:
Երեկոյին ներկայ էին «Արմէնիքա»ի քսանամեայ հրատարակութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած 100է աւելի հայ եւ յոյն աշխատակիցներ:
Պարբերաթերթի խմբագրական կազմին կողմէ երեկոյի բացումը հայերէնով եւ յունարէնով կատարեց Յովհաննէս Ղազարեան:
«Արմէնիքա»ի 20 տարուան պատմութեան ընդհանուր ուրուագիծներուն ներկայացումը կատարելով՝ ան անդրադարձաւ նաեւ գիրքերու հրատարակութեանց, դասախօսական երեկոներու եւ լսարաններու կազմակերպումին, ինչպէս եւ կայքերու մատուցումին:
Յ. Ղազարեան նշեց, թէ ինչպէ՛ս կեանքի կոչուեցաւ պարբերաթերթը, որքանո՛վ անիկա արձագանգ գտաւ հայ եւ յոյն հասարակութեան մօտ եւ որքա՛ն նիւթական դժուարութիւններով կրցաւ գոյատեւել, զարգանալ ու բարելաւուիլ՝ պարունակութեան եւ տպագրական որակի տեսակէտէն:
Ներկայացման ընթացքին պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին 20 տարի հրատարակուած «Արմէնիքա»ի թիւերուն կողքի էջերուն պատկերները ու զանազան առիթներով կազմակերպուած լսարաններէն նկարներ:
Խմբագրական կազմի անդամ Գուին Մինասեան ընթերցեց պարբերաթերթի արտօնատէր Գրիգոր Մխիկեանի (ներկայիս արտասահման ապրող) ողջոյնի խօսքը, որ ուղարկուած էր 20ամեակին առիթով:
Ան կը մաղթէր, որ «Արմէնիքա»ն երկար տարիներ գոյատեւէ՝ յաղթահարելով նիւթական դժուարութիւնները եւ խոստանալով, որ խմբագրական կազմին կողքին պիտի մնայ՝ տրամադրելով իր օժանդակութիւնը:
Գուին Մինասեան ընթերցեց նաեւ «Ակօս» պոլսահայ թերթի խմբագրութեան ողջոյնի խօսքը:
Հանդիսութեան ընթացքին բեմ հրաւիրուեցաւ «Արմէնիքա»ի տարիներու աշխատակիցներէն ազգագրագէտ Էլեֆթերիոս Ալեքսաքիս, որ հակիրճ ներկայացումը ըրաւ Հայաստանի եւ հայոց պատմութեան առնչուող իր հետազօտութեանց աշխատանքին եւ թերթին համար իր պատրաստած նիւթերուն վերաբերեալ:
«Արմէնիքա»ի մնայուն գործակիցներ՝ Ռիքարտօ Երկանեան եւ Սերգօ Աղապատեան, իրենց հերթին, խօսք ուղղեցին ներկաներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան պարբերաթերթի գոյատեւման:
Յովհաննէս Ղազարեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ՀԿ Խաչի Քարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, որ պատրաստած էր գաթան։
Յաջորդեց հիւրասիրութիւն. երեկոն վերջ գտաւ Լեֆթերիս Խավուծասի քանի մը երաժշտական կտորներու կիթառի վրայ մեկնաբանութեամբ:
(Թղթակից)
«ԱԶԱՏ ՕՐ»