Ճիպրալթարի մէջ ընթացող «Ճիպրալթար Մեսթըրզ (Gibraltar Masters) մրցաշարքի վերջին՝ 10րդ խաղին, Լեւոն Արոնեան հաւասար արդիւնքով խաղաց ամերիկացի Հիկարու Նակամուրայի դէմ եւ ճատրակի եօթը գերվարպետներու հետ կիսեց մրցաշարքի առաջնութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրէս»ը:
Ըստ մրցաշարքի կանոնակարգին՝ յաղթողը որոշուեցաւ արագ ճատրակի կանոններով: «Թայ-պրէյք»ին մասնակցեցան լաւագոյն լրացուցիչ ցուցանիշ ունեցող ճատրակի չորս գերվարպետները՝ Նակամուրա, Ռափորթ, Վաշիէ-Լակրաւ եւ Արոնեան:
Արոնեան «թայ-պրէյք»ի երկու խաղերուն պարտութեան մատնեց Ռիչըրտ Ռափորթը եւ հասաւ եզրափակիչ, որուն ընթացքին իր ուժերը չափեց Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ:
Հայ եւ ֆրանսացի ճատրակի վարպետներուն միջեւ 3 խաղերը աւարտեցան հաւասար արդիւնքով: 4րդ խաղի 50րդ քայլով Արոնեան յաղթեց Վաշիէ-Լակրաւին եւ ստացաւ մրցաշարքի յաղթողի կոչումը:
«Ճիպրալթար Մեսթըրզ» միջազգային մրցաշարքին կը մասնակցէին 50 երկիրներէ 274 ճատրակ խաղացողներ, որոնց մէջ՝ 92 ճատրակի գերվարպետներ: