ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր երկրորդ տղամարդը կը ծխէ եւ հետեւաբար զարմանալի չէ, որ տղամարդոց մօտ թոքի քաղցկեղով հիւանդութեան եւ մահուան ցուցանիշը բարձր է:
Հայաստանի մէջ գործող Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ուղենիշով 2016-2017 թուականներուն իրականացուած է Ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու (ՈՎՀ) զարգացման նպաստող վտանգի գործօններու տարածուածութեան վերաբերեալ «STEPS» ազգային հետազօտութիւն:
STEPS ազգային հետազօտութեան հարցախոյզին մասնակցած են 18-69 տարեկան 2349 քաղաքացիներ:
Հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց կու տան, որ տղամարդոց կէսէն աւելին՝ 51.5 տոկոսը կը ծխէ, կանանց՝ 1.8 տոկոսը:
Ծխողներուն 94.3 տոկոսը կ՛օգտագործէ գործարանային արտադրութեան ծխախոտ:
Ծխելը սկսելու միջին տարիքը 18.1 է:
Ուշագրաւ է, որ չափահաս բնակչութեան 56.4 տոկոսը ծխախոտի երկրորդական ծուխի ազդեցութեան կ՛ենթարկուի տան, իսկ 26.6 տոկոսը՝ աշխատավայրի մէջ:
Հայաստանի մէջ ամէն տարի կ՛ախտորոշուի շնչափողի, թոքի չարորակ քաղցկեղի 1300-1500 նոր դէպք: 2016ին ընդհանուր հիւանդներու թիւը կազմած է 1930, որոնցմէ 1624ը՝ տղամարդիկ, 306ը՝ կիներ (100,000 բնակիչի հաշիւով՝ 64.6), իսկ մահուան՝ 1170 դէպքեր, որոնցմէ 975ը՝ տղամարդիկ, 195ը՝ կիներ (100,000 բնակիչի հաշիւով՝ 39.1):
Վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան, որ տղամարդոց մօտ թոքի քաղցկեղով հիւանդութիւնը եւ մահը 5-6 անգամ բարձր է, քան կանանց մօտ:
Միաժամանակ, Հայաստանի մէջ ամէն տարի կ՛արձանագրուի արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւններու շուրջ 55,000 նոր դէպք, որոնց զարգացման հիմնական պատճառներէն մէկը կը նկատուի ծխելը: