ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, Յունուար 25ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի՝ «Միջերկրականի Հիւսիս-արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքներ. Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եոլ-Քեսապ» հատորի ողջունահանդէսը։
Ձեռնարկը կը վայելէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ տեղի կ՛ունենայ կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին։
Հատորը պիտի ներկայացնէ հեղինակը՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։
Մուտքը ազատ է։ Տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։