Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական կոնդակով մը 2018 տարին ձօնած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին։
Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, յառաջիկայ Կիրակի, 21 Յունուարի 2018ին, հայրապետական կոնդակը յընթացս Ս. պատարագի պիտի ընթերցուի մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ խուռներամ ներկայ ըլլայ Ս. պատարագին, հաղորդակից դառնայ հայրապետական պատգամին եւ վերանորոգէ հայ պետականութեան վերականգնումի հանգրուանէն մեզի ժառանգ հասած պատգամներուն հաւատարմութեան ուխտը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ