ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրեկորի Քարասին ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Նոյեմբերին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին:
«Մենք մեր դրացիներուն եւ դաշնակիցներուն հետ կը վերաբերինք իբրեւ կեանքի ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ սեփական հայեացքներ ունեցող կողմեր: Մեր դրացիները ինքնիշխան պետութիւններ են։ Այս կը վերաբերի նաեւ ՀԱՊԿի ու ԵԱՏՄի անդամ մեր դաշնակիցներուն: Հասկնալի է, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ անոնք կը զարգացնեն բազմակողմանի յարաբերութիւններ։ Այս մէկը բնական է 21րդ դարուն մէջ: Մենք երբե՛ք մեր դրացիներն ու դաշնակիցները ընտրութիւնը կատարելու պարտադրանքին առջեւ չենք դրած, սակայն մենք իրաւունք ունինք դաշնակցային յարաբերութիւններու առաջնահերթութեան յոյս ունենալու», ըսած է ան: